Մեր Մասին
«Քիթապ-ը Մուքատտէս» Ընկերութիւնները այսօր աշխարհի վրայ 204 տարբեր երկրի մէջ կը գործեն: Իրենց նպատակն է աշխարհի բոլոր լեզուներու եւ բարբառներու թարգմանել Աստուածաշունչը եւ հայթայթելի գումարով մը ներկայացնել ժողովուրդին:
Աստուածաշունչը կամ առնուազն մէկ մասը, մեր ընկերութեան ջանքերով թարգմանուած է աշխարհի 6500 լէզուներէն եւ բարբառներէն 3235 հատին: Այս գումարով, տարածուած է աշխարհի բնակչութեան %90ին: «Քիթապ-ը Մուքատտէս» Ընկերութիւնները մնացեալ 3000է աւելի լեզուներու եւ բարբառներու համար կը շարունակեն իրենց թարգմանական աշխատութիւնները:
Աստուածաշունչէ դուրս Քրիստոնէութեան մասին հրատարակութիւնները կրնաք ապահովել «Քիթապ-ը Մուքատտէս» Ընկերութենէն:
Kitabı Mukaddes Şirketi
P.K. 252 Beyoğlu 34421 İstanbul, Türkiye
Telefon: +90 212 512 4445
E-mail: bilgi@kitabimukaddes.com
Համառօտ Պատմութիւն
Աշխարհի վրայ 204 տարբեր երկիրներու մէջ գործող «Քիթապ-ը Մուքատտէս» Ընկերութիւններու ներշնչման աղբիւրը եղած է 1800 թուականին Հիւսիսային Կալլէր շրջանի մօտ, 40 քմ գալող 15 տարեկան Մէրի Ճօնսը:
Մէրիի ամենամեծ փափաքն է ունենալ իրեն անձնական Աստուածաշունչը: Որովհետեւ, ան միայն Ս. Գիրքը կրնայ կարդալ տունէն 3 քմ հեռու ագարակի մը մէջ: Մէրի Ճօնս ասոր համար 6 տարիներու ընթացքին կը հաւաքէ 17 շիլին: Աստուածաշունչ վաճառող ամենամօտ տեղը իրեն տունէն 40 քմ հեռու Պալան է, սակայն հոնկէ գտնելու հաւանականութիւնն ալ քիչ է: Ձորեր, լիճեր եւ լեռներ անցնելով կը հասնի Պալայի միակ Աստուածաշունչ վաճառող անձին՝ Թովմաս Շարլզին: Բայց իրեն մօտ գտնուող բոլոր օրինակները կամ ծախուած կամ ալ վերապահուած կ'ըլլան: Մէրի շատ կը տխրի: Մէրիի վիճակը տեսնող Պարոն Շարլզ իրեն կու տայ վերապահուած օրինակներէն մէկը եւ կը սկսի խորհիլ այս պատահածին շուրջ: Քաղաքի կրօնական ժողովի անդամներով միասին կ'առաջնորդէ կազմել Անգլիական եւ Օտար «Քիթապ-ը Մուքատտէս» Ընկերութիւնը որպէսզի Մէրի Ճօնսի նման անձերու կարիքները հոգան: Մէրի Ճօնսի համբերատարութիւնը եւ ձգտումը վարձատրուած է այն օր՝ երբ ինք ունեցած է իր անձնական Աստուածաշունչը:
Իրեն կեցուածքին շնորհիւ իրեն նմաններ դիւրութեամբ կը հասնին Աստուածաշունչին «Քիթապ-ը Մուքատտէս» Ընկերութիւններու ձեռամբ:
Թուրքիոյ «Քիթապ-ը Մուքատտէս» Ընկերութիւնը հաստատուած է այս շարժումին իբր հետեւանքը եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ թարգմանութեան աշխատութիւններուն: